Ժողովածուն կը բովանդակէ ամբողջութիւնը հիմնականին մէջ Պոսթընի Հ. Յ. Դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ պահպանուած Արամ Մանուկեանի (Սարգիս Յովհաննիսեանի) նամակներուն, որոնք կը ցոլացնեն անուանի յեղափոխականին աւելի քան տասնամեակի մը վրայ (1904-1915) երկարող գործունէութիւնը; Նամակները նոր լոյս կը սփռեն եւ կը վկայեն այն բախտորոշ դերակատարութեան մասին, զոր ան ունեցած է ազգային-ազատագրական պայքարին՝ յատկապէս յաղթանակով պսակուած Վան-Վասպուրականի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ